Գլխաւոր Իմ մասին Գիրքեր Մրցանակներ CUSTOMERS CONTACT


Վերճիհան Զիֆլիօղլու

Գրող, բանաստեղծ, լրագրող

0
3
2
3

Իմ մասին.

Վերճիհան Զիֆլիօղլու ծնած է Իսթանպուլ: Բանկալթը Մխիթարեան վարժարանէ շրջանաւարտ ըլլալէ վերջ աւարտած է Իսթանպուլի Համալսարանի Հաղորդակցութեան եւ Էսքիշէհիր Անատօլու Համալսարանի Հասարակական Յարաբերութեանց բաժինները:

1996-1998 տարիներուն աշխատակցած է Պոլսահայ մամուլի Մարմարա, Ժամանակ եւ Նոր Սան թերթերուն: Մաս կազմած է Ակօս Շաբաթաթերթի առաջին խմբակին: Յատուկ լուրեր գրի առած, Հայերէն մանկական էջեր խմբագրած, ինչպէս նաեւ սիւնակագիր եղած է: 1998-2007 տարիներուն պաշտօնավարած է Հիւրրիյէթ օրաթերթին, իսկ 2007-2014-ին Հիւրրիյէթ Տէյլի Նյուզին մէջ,1998-էն մինչեւ 2014 միաժամանակ յատուկ լուրեր պատրաստած է Րէֆէրանս թերթին: Լուրերըմիաժամանակ հրատարակուած են Հիւրրիյէթ Տէյլի Նյուզ եւ Րատիգալ օրաթերթերուն մէջ: 2013 Դեկտեմբերէն մինչեւ 2014 Մայիս աշխատած է Ալժազիրա եւ 2014-2015 տարիներուն՝ Ռուսական լրատուական գործակալութեան մէջ: 2015 Նոյեմբերէն ի վեր կը պաշտօնավարէ Ենի Եիւզեըլ օրաթերթին մէջ որպէս մասնագէտ լրագրող: Զիֆլիօղլումասնագիտացած է քաղաքականութեան, արտաքին լուրերու, Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն, էթնիկ փոքրամասնութիւններուն, Հայ Սփիւռքի, Մերձաւոր Արեւելք/ Կովկասի, Հայկական հարցի վերաբերեալ նիւթերու շուրջ: Յօդուածները լոյս տեսած են՝ ՊՊՍ, Վաշինկթօն Թայմզ, Լէ Մոնտ, Ֆրանս 24-ի նման մամլոյ եւ հրատարակչական առաջատար մարմիններումէջ:

2016-ին աշխատակցած է Ենի Յիւզյըլ թերթին։ Այժմ աշխատակիցն է միջազգային մամլո գործակալութեան մը

Աչք գիրքէն մաս մը Միջազգային համաբաուաւոր հաստստութիւններէն internatinal Pen Austrio կողմէ թարգմանուած է մասամբ գերմաներէնի

Հաւաքածոներ.
Իմ հաւաքածոները

Իմ հաւաքածոները

Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն Վերջին Կէս Դարու

ԱՄՆ/Միշիկըն

1994թ․

Ժամանակակից Իսթանպուլահայ Գրողներ

Լիբանան

2004թ․

The Other Voice Armenian Women Poetry Throug the Ages

USA, Watertown

2004թ․

Արդի Հայ Գրականութիւն, Հայաստանի Գրողներու Միութիւն

Երեւան

2010թ․

Մրցանակներ

2007-ին չորս լրածրարներով Թուրքիան ներկայացուց եւառաջնութեան մրցանակին տիրացաւ Շուէտական Ինստիտուտի կողմէ 80 երկիրներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած համաշխարհային լրագրողական մրցումին:

2008-ին արժանացաւ կեդրոնն Անգարա գտնուող Արդի Լրագրողներու «Լաւագոյն լուր»ի մրցանակին:

2012-ին տիրացաւ Արդի Լրագրողներու Միութեան «Լաւագոյն հարցազրոյց»ի մրցանակին:

2010-ին Հայաստանի մէջ լուրերու ուսումնասիրութեան կրթաթոշակ շահեցաւ Frederich-Ebert Stiftung-էն

2014-ին ԱՄՆ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած զանազան խորագրերով լրագրողութիւն ծրագրի կապակցութեամբ Զիֆլիօղլուն ԱՄՆ Դեսպանատան կողմէ «Փոքրամասնութիւններն ու Մարդկային Իրաւունքներ» ճիւղէն թեկնածու ցոյց տրուեցաւ: Այս ճիւղին համար Թուրքիայէն ընտրուած անունն եղաւ:

2017-ին Գերմանիայում ստացել է մրցանակ Writer fellowship անվանակարգում

Բլոգ
Իմ բլոգը

Գրեք ինձ
Ես սպասում եմ Ձեր նամակին

Հետադարձ կապի ձեւ

Ուղարկել
ERROR
The following fields should be filled:- Name - Email - Your Message